image

Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. այցելեց Երեւանի Գերմանիոյ դեսպանութիւն

Գերշ. Տ. Սերովբէ եպս. այցելեց Երեւանի Գերմանիոյ դեսպանութիւն

Գերմանիոյ Թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ․ Սերովբէ եպիսկոպոս Իսախանեան, որ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման բարեբաստիկ առիթներով Հայաստան կը գտնուի, օրերս այցելութիւն տուած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ դեսպան`Տիկին Քլաուտիա Պուշին։

Այս մասին «Արեւելք» Գերմանիոյ հայոց թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած ՝

Թեմիս Առաջնորդ Սերովբէ Սրբազանը, որ այս օրերուն Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման բարեբաստիկ առիթներով Հայաստան կը գտնուի, այսօր այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր նորանշանակ Դեսպան` Տիկին Քլաուտիա Պուշին։

Սրբազան Հայրը իր շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց տիկին դեսպանին` մաղթելով յաջողութիւն իր դիւանագիտական առաքելութեան մէջ։

Հանդիպման ընթացքին, Սրբազանն ու Դեսպանը, միտքեր փոխանակեցին զանազան հարցերու շուրջ։