Հոգեւոր ծառայութեան, անձնուէր առաջնորդութեան եւ եկեղեցաշէն առաքելութեան երկու տասնամեակներուն ընթացքին Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան իր անխոնջ վաստակով մնայուն դրոշմ ձգած է Գանատայի Հայոց Թեմի կեանքին վրայ։ Ան հաւատարմօրէն ծառայած է Հայ Եկեղեցւոյ, ամրապնդած է համայնքային կեանքը եւ առաջնորդած է իր հօտը՝ հայրական սիրով ու իմաստութեամբ։ Այս նշանակալից առիթով Թեմի հոգեւոր եւ ազգային մարմինները իրենց երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը կը յայտնեն Սրբազան Հօր երկարամեայ ծառայութեան համար։
Սրտանց կը շնորհաւորենք սիրելի Սրբազանը մաղթելով անոր երկար տարիներու Քրիստոսափայլ ծառայութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ։
Ստորեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գանատայի Թեմին կողմէ հրապարակուած հակիրճ լրատւութիւնը՝
Գանատայի Հայոց Թեմի Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը կը շնորհաւորեն Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան եւ Օծման 20-ամեակը։
Թող Աստուած քաջառողջ եւ արեւշատ օրեր պարգեւէ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իր Առաջնորդական ասան միշտ ծաղկեալ պահէ, որպէսզի ընդ երկար առաջնորդէ Գանատայի Հայոց Թեմը։

