image

Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդը մասնակցած է Ասորիներու Միռոնօրհնէքին

 Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդը մասնակցած է  Ասորիներու Միռոնօրհնէքին

Առաջին անգամ ըլլալով Ասորի-Ուղղափառ մեր քոյր եկեղեցին Միւռոնօրհնէք կը կազմակերպէր Եւրոպայի տարածքին վրայ։

 

 Գերմանիոյ Հայոց Թեմի էջէն կը կարդանք՝ 

Կիրակի, 28 Նոյեմբեր 2021-ին, Վարպուրկի Ասորի-Ուղղափառ վանքին մէջ, ձեռամբ Անտիոքի եւ Համայն Արեւելքի Նորին Սրբութիւն Իկնատիոս Եփրեմ Բ․ Սրբազան Պատրիարքի, տեղի ունեցաւ Միւռոնօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Առաջին անգամ ըլլալով Ասորի-Ուղղափառ մեր քոյր եկեղեցին Միւռոնօրհնէք կը կազմակերպէր Եւրոպայի տարածքին վրայ։ Վերջին անգամ Սուրբ Միւռոնը օրհնուած էր վեց տարի առաջ Դամասկոսի մէջ։

Միւռոնօհնէքի առիթով աշխարհի տարբեր երկիրներէ Վարպուրկ ժամանած էին ասորի-ուղղափառ թեմերու առաջնորդներ, բազմաթիւ այլ եպիսկոպոսներ ու հոգեւորականներ։ Թագաժահրի սահմանափակումներու պատճառով Միւռոնօրհնէքի արարողութեան մասնակցեցան միայն շուրջ 250 հրաւիրեալ աշխարհական հիւրեր եւ հաւատացեալներ։ Ներկայ էին նաեւ քոյր եկեղեցիներու կարգ մը բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։

Քոյր եկեղեցւոյ Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար ու պատմական արարողութեան հրաւիրուած էր եւ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սերովբէ Եպս․ Իսախանեան՝ ուղեկցութեամբ Արժ․ Տ․ Հրաչ Քհնյ․ Պիլիճեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը աղօթքով եւ սբ․ գրային ընթերցմամբ իր մասնակցութիւնը բերեց Սբ․ Միւռոնի օրհնութեան։

Յետ սրբազան արարողութեան Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Միւռոնօրհնէքի առիթով կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան եւ ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին Ասորի-Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սրբազան Պատրիարք Իկնատիոս Եփրեմ Բ․-ին եւ Գերմանիոյ առաջնորդ Մատթիաս Նայիշ արքեպիսկոպոսին փոխանցեց նաեւ Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիոսին սիրալիր ողջոյններն ու խնդակցութիւնը։