9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան ընդունումէն ետք Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածին մէջ գերեվարուած 62 շիրակցիներու հարազատներն կառավարութեան շէնքի մօտ հաւաքուած են, կը յայտնէ Aravot.am-ը:
Անոնք տեսակցութիւն կը պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Կառավարութեան աշխատակազմէն, սակայն ցուցարարներուն փոխանցած են, որ «Նիկոլ Փաշինեանը մինչեւ ապրիլի 9-ը «մեկուսացած» է՝ բազմաթիւ հանդիպումների պատճառով» եւ չի կրնար ընդունիլ իրենց:
Ցուցարարներու պահանջն է՝ որոշակի տեղեկութիւններ ստանալ իրենց հարազատներու ճակատագրի մասին:
Գերեվարուածներու հարազատները Aravot.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսին, որ կը պատրաստուին գիշերն անցնել կառավարութեան շէնքի մօտ. «Մենք գնալու տեղ չունենք»:
Գերեվարուածներու հարազատներու մէկ մասն ալ Շիրակի մարզէն Երեւանի հասած են, միանալու ցուցարարներուն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել