image

Գեղեցիկ ընտանիքը հարստացաւ արու զաւակով. Ծնած է Մայքըլ-Ժագ Քէշիշեանը (Լուսանկար)

Գեղեցիկ ընտանիքը հարստացաւ  արու զաւակով. Ծնած է Մայքըլ-Ժագ Քէշիշեանը (Լուսանկար)

Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճըլըս հայահոծ  նահանգէն բարի լուր ստացանք։

Իր աչքերը  մեր աշխարհին բացած է Մայքըլ-Ժագ Քէշիշեանը։

Ընտանիքի երկրորդ զաւակ Մայքըլ-Ժագ Քէշիշեանը որդին է շնորհաշատ ծնողներու՝ Երուանդ եւ Մարիա (Ծնեալ՝ Օսէբեան) Քէշիշեաններու։

 Երաժշտութեան հանդէպ սէր ունեցող այս զոյգը հաստատուաղ է Բասատենա շրջանին մէջ եւ այր ու կին միասնաբար կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալեն հայկական համայնքին մէջ։

 Նշենք նաեւ, որ Երուանդ  կու գայ Պէյրութէն ու ան հասակ առած է  ազգային-եկեղեցական միջավայրի մը մէջ ու որպէս դպիր ապա  եկեղեցական  երգչախումբերու ղեկավար   իր լուման կը բերէ  տեղի  ազգային-մշակութային կեանքին։

 Լուսաւոր կեանք եւ բախտաւոր օրեր կը մաղթենք նորածին փոքրիկին, վստահ ըլլալով, որ ան հասակ պիտի առնէ ազգային հիմքեր ունեցող  հայաշունչ օճախի մը մէջ։

 Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի