Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինծառայողի մայր Գայիանէ Յակոբեանը մեղաւոր ճանչցուեցաւ: Դատարանի որոշմամբ դատապարտուեցաւ 4 տարի ազատազրկման. դատարանը պատիժը պայմանականօրէն չկիրառեց՝ նշանակելով մէկ տարի փորձաշրջան՝ երկրէն չբացակայելու պայմանով:
Նշենք, որ 9 յունիսին Աշոտ Փաշինեանի «առեւանգման գործով» նիստը դռնփակ ընթացած է:
Գայիանէ Յակոբեանն արդէն երկրորդ անգամ հրաժարած է փաստաբաններու պաշտպանութենէն: