Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ տարուան կենսագրութիւն ունեցող՝ Garo Cigar-ը, որոշակի դադարէ մը ետք վերադարձած է Երեւան եւ այդ վերադարձին առընթեր Կարօ Պուլտուքեանի կողքին կարեւոր ճիգեր իրականացուցած են գործարարներ՝ Սեւակ Սերոբեան եւ Ժան-Ժագ Աճէմեան։
Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը
Ամերիկահայ բժիշկ՝ Կարօ Պուլտուքեանի հիմնադրած «Կարօ սիկառ»-ը փայլուն ընդունելութեան արժանացած է Տուպայի մէջ օրերս ընթացող սիկառներու միջազգային փառատօնին։
Նշենք, որ World Cigar Show-Dubai 2025 նոր հիմնադրուած փառատօն մը, որուն մեկնարկը տրուած է օրեր առաջ եւ ստեղծած է երեւելի հետաքրքրութիւն, ոչ միայն սիկառ վայելողներու շրջանակներուն, այլ նաեւ զբօսաշրջութեան գործերով առնչուած հաստատութիւններու կողմէ։
Այս առթիւ ալ ուշագրաւ գրառում մը կատարուած է պաշտօնական էջ՚ին վրայ եւ զայն թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Անմոռանալի երկու օրերու ընթացքին հանդիպեցանք սիկառի վարպետներու, սիրահարներու, արհեստաւորներու եւ գործընկերներու աշխարհի տարբեր կողմերէն։
Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր պատմութիւնն ու իր ուղին բերած էր՝ եւ այս հանդիպման միացած մէկ ընդհանուր կրքով։
Մեր տաղաւարը վերածուեցաւ հանդիպումի կեդրոնի՝ արհեստի եւ հետաքրքրութեան, աւանդութեան եւ նորարարութեան։
Անչափ ուրախ ենք ջերմ ընդունելութենէն, խոր զրոյցներէն եւ «Կարօ սիկառ»ի հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքէն, որուն համար տարիներ շարունակ կը նուիրուինք։
Սիկարի համայնքը աշխարհագրութեամբ չի սահմանուիր․ ան կ՚առանձնանայ մշակոյթով, համով եւ ժառանգութուեամբ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ տարուան կենսագրութիւն ունեցող՝ Garo Cigar-ը, որոշակի դադարէ մը ետք վերադարձած է Երեւան եւ այդ վերադարձին առընթեր Կարօ Պուլտուքեանի կողքին կարեւոր ճիգեր իրականացուցած են գործարարներ՝ Սեւակ Սերոբեան եւ Ժան-Ժագ Աճէմեան (որ միեւնոյն ժամանակ՝ Churchillls Tailor հաստատութեան սեփականատէրն է)։


