image

Գառնին որպէս «աստուածներ»ու ժառանգութիւն

Գառնին որպէս «աստուածներ»ու ժառանգութիւն

Պէլճիքական  “Le Vif Weekend” ամսագիրը Գառնիի հեթանոսական տաճարը ճանաչած է որպէս հռոմէական ժամանակաշրջանէն մեր օրեր հասած՝ աշխարհի լաւագոյն ճարտարապետական յուշարձան:

 

Գառնին 51 ամենագեղեցիկ յուշարձաններէն 37-րդն է: Այն կառուցած է Տրդատ Առաջին արքան, մեր թուարկութեան առաջին դարուն: 

 

Գառնիի տաճարը Հայաստանի միակ յուշարձանն է, որ պահպանուած է հեթանոսական եւ հելլենիզմի դարաշրջանէն: Այս պատմաճարտարապետական համալիրը կը գտնուի Կոտայքի մարզի, այսօրուայ «Գառնի» գիւղին հարեւանութեամբ: Գառնիի հմայքը վայելելու լաւագոյն ձեւը այն այցելելն է:

 

Կ'ենթադրուի թէ տաճարը նուիրուած էր արեւի Աստուած՝ Արեգ-Միհրին: Միհրը, իբրեւ լոյսի եւ ճշմարտութեան խորհրդանիշ, յաճախ պատկերուած է որպէս խաւարի ու տգիտութեան խորհրդանիշ ցուլի հետ մենամարտող: 

 

1679-ին Գառնիի տաճարը կ'ենթարկուի աւերիչ երկրաշարժի, սակայն 1969-ի Յունուարին, օրուայ կառավարութեան հաստատումով կը սկսին վերականգնողական աշխատանքները եւ կ'աւարտուին 1975-ին՝ կառուցումէն ճիշդ 19 դար, իսկ կործանումէն շուրջ երեք դար անց: Այս ընթացքին, հնագիտական ու վերակառուցողական աշխատանքները կը ղեկավարէ հնագիտութեան ճարտարագէտ՝ Ալեքսանդր Սահինեանը: 

 

Նշենք նաեւ, որ 2011 թուականին Գառնիի պատմամշակութային համալիրը արժանացած է «Մելինա Մերքուրի»-ի անուան UNESCO - Յունաստան 2011 մրցանակին: