Գանատայի թեմ. Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան այցելեց՝ Ուինտզըրի համայնք
Օրերս Գանատայի Հայոց Թեմի Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. Չարեան հովուական այցելութիւն մը տուած է Ուինտզըրի համայնքին։
Այցին մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ հրապարակուած լրատւութիւնը՝
Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, Կիրակի, 12 Յունուար 2025-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Ուինտզըրի Ս. Ստեփանոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար, տեղւոյն Մար Շարպէլ Մարոնիթ Եկեղեցւոյ մէջ: Ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Սրբազան արարողութեան խորանին ծառայեց եկեղեցւոյ այցելու Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հրանդ Քհնյ. Գէորգեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց հոգեպարար պատգամ մը եւ յատուկ կերպով գնահատեց Տէր Հրանդը իր անշահախնդիր ծառայութեան համար, Հոգաբարձական կազմը իրենց նուիրուածութեան համար ու ապա կատարեց ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան, ուր Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ համայնքի զաւակներուն կողմէ, որոնց հետ շրջապատուած անցուց մտերմիկ պահեր։