Նախանձախնդրութիւնը պիտի ունենան մեր սիրելի միաբան հայրերը Տէրոջ խօսքը արժանի կերպով հասցընելու մեր հաւատացեալներուն։
Ինչքան ալ դժուարին ըլլան ճանապարհները, մաքառումներն ու պայքարները հայ անհատը պարտաւոր է իր Սուրբ Գրային իմացութիւնը յղել ու զայն օժտել խորունկ եւ տարողունակ դիտարկումներով։
Այս առումով ալ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Կիլիկեան Թեմը ուշագրաւ նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալով մեկնարկը տուած է Աստուածաբանական Դասընթացքներու։
Դասընթացքները կը վարէ Թեմի աշխոյժ եւ նուիրեալ միաբաններէն՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ ծ.վրդ. Քիւսպէքեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ատոր մասին Թեմի դիմատետրեան էջի հրապարակումը։
18 Սեպտեմբեր 2024-ին, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի ուսուցումով, վերսկսաւ Գանատայի Հայոց Թեմի Աստուածաբանական դասընթացքները, Մոնթրէալի մէջ։Երկրորդ կիսամեակի դասապահերը պիտի կեդրոնանան հետեւեալ նիւթերուն վրայ.-
Աստուածաշունչ, Տիեզերական ժողովներ եւ Նիկիոյ Հանգանակը։
Սոյն դասապահերը կազմակերպուած են Թեմիս ուսումնագիտական ծրագիրներու եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքներուն կողմէ։