Գանտայէն թարմացուող Keghart.com կայքը հետ այսու պիտի չթարմացուի: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է թերթի հիմնադիր Տիգրան Աբրահամեանի կողմէ: Աբրահամեան, որ այս մասին կարճ խմբագրական մը ստորագրած է կը նշէ, որ ելելով նիւթական մտահոգութիւններէ, յետ այսու որոշած են դադրեցնել իրենց գործունէութիւնը: Նշենք, որ Գեղարդ»ը հիմնադրուած էր 9 տարիներ առաջ ՝ 2007 -ին: Պարբերականը, որուն «Ո՞վ ենք մենք» բաժնին մէջ ներկայացուցած է թերթին հիմնադրման նպատակը եւ առաքելութիւնը, չէ պատկանած որեւէ կուսակցութեան եւ աշխատանք տարած է լուսաբանական նիւթեր եւ յօդոուածներ ներկայացնել կապուած Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին: Նշենք, որ թերթին մէջ յաճախակի կերպով եւ տարաբնոյթ նիւթերով յօդուածներ հրապարակած են Տիգրան Աբրահամեան, Վիգէն Աթթարեան Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Համօ Մոսկոֆեան, Ժիրայր Թիւթիւնճեան, Մովսէս Ծիրանի եւ տասնեակ այլ անուններ:
Ուծացման ճամբուն վրայ գտնուող ամերիկեան սփիւռքի մէջ «Գեղարդ»ի նման անկախ եւ ազատ ամպիոնի մը փակուիլը կը համարուի մեծ կարուստ, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, թերթին բոլորովին անկախ ըլլալու հիմնական հանգամանքը: