image

Գանատայէն թարմացուող Keghart.com-ը հրաժեշտ տուաւ, իր ընթերցողներուն

Գանատայէն թարմացուող     Keghart.com-ը         հրաժեշտ   տուաւ, իր ընթերցողներուն

Գանտայէն թարմացուող  Keghart.com կայքը  հետ այսու  պիտի չթարմացուի:  Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է թերթի   հիմնադիր Տիգրան  Աբրահամեանի  կողմէ:  Աբրահամեան, որ այս մասին կարճ խմբագրական մը ստորագրած է  կը նշէ, որ ելելով  նիւթական  մտահոգութիւններէ,  յետ  այսու որոշած են դադրեցնել իրենց  գործունէութիւնը: Նշենք, որ  Գեղարդ»ը հիմնադրուած էր 9 տարիներ առաջ ՝  2007 -ին: Պարբերականը,  որուն «Ո՞վ ենք մենք»  բաժնին  մէջ   ներկայացուցած է  թերթին հիմնադրման նպատակը  եւ առաքելութիւնը,  չէ պատկանած որեւէ  կուսակցութեան  եւ աշխատանք տարած է  լուսաբանական նիւթեր եւ  յօդոուածներ ներկայացնել կապուած Հայաստանի,  Թուրքիոյ  եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին: Նշենք, որ թերթին  մէջ յաճախակի կերպով   եւ  տարաբնոյթ նիւթերով յօդուածներ հրապարակած են   Տիգրան  Աբրահամեան, Վիգէն Աթթարեան Դոկտ. Մինաս  Գոճայեան,   Համօ Մոսկոֆեան,    Ժիրայր Թիւթիւնճեան, Մովսէս  Ծիրանի եւ տասնեակ  այլ  անուններ:

Ուծացման ճամբուն վրայ  գտնուող     ամերիկեան  սփիւռքի մէջ  «Գեղարդ»ի նման   անկախ եւ ազատ   ամպիոնի մը  փակուիլը կը համարուի  մեծ կարուստ, մանաւանդ  երբ նկատի առնենք, թերթին  բոլորովին անկախ ըլլալու հիմնական    հանգամանքը: