image

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ՝ Մերի Զիվէրին

Պոլսոյ մէջ. Վերջին հրաժեշտ՝ Մերի Զիվէրին

Օրերս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է նորոգ հանգուցեալ անգլերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Մէրի Զիվէրի յուղարկաւորութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Համայնքիս յարգարժան անդամներէն մէկուն, անգլերէնի վաստակաշատ ուսուցչուհի Մէրի Զիվէրի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ օր, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Կոկիկ բազմութիւն մը ներկայ էր, իր հարազատներն ու ազգականներ, զինքը սիրող ու յարգող բարեկամներ հոն էին, զայն ճամբելու համար դէպի յաւիտենականութիւն։

Յուղարկաւորութեան կարգը կատարեց Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։ Ներկայ էին Արժ. Տ. Տ. Գրիգոր Աւ., Կորիւն Աւ., Նաթան եւ Շիրվան Քահանայ Հայրերը, Մխիթարեան Հայրերէն Գերյ. Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

Դամբանականը խօսեցաւ Հայր Սուրբը։ Ան սկսելով Եւայէն եւ հասնելով մինչեւ մերօրեայ իրականութիւնները, անդրադարձաւ աշխարհիկ թէ հոգեւոր կեանքի մէջ կիներու կարեւոր դերակատարութեան, ընդգծեց ու պատմեց թէ ողբացեալ Մէրի Զիվէր ինչպիսի՜ կատարեալ յաջողութեամբ կարեւոր արժանիքներ խտացուցած էր իր նկարագրին մէջ ու իր ողբացեալ ամուսնոյն՝ Պետի Զիվէրի հետ միասին կազմած՝ համայնքիս համար տիպար ամոլ մը։ Եղած էր արժէքաւոր ուսուցիչ եւ հասցուցած նախ իր երկու զաւակները, յետոյ բազմաթիւ աշակերտներ, նշեց Հայր Սուրբը։ Ան խօսքերը վերջացուց, փոխանցելով Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւնները։

Յուղարկաւորութենէն ետք ողբացեալին մարմինը տեղափոխուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատուն եւ հողին յանձնուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։

Խունկ եւ աղօթք իր բարի յիշատակին։