image

Հազարաւոր թեհրանցիներ դուրս եկած են փողոցներ՝ վերջին հրաժեշտը տալու Հանիյէին

Հազարաւոր թեհրանցիներ դուրս  եկած են փողոցներ՝ վերջին հրաժեշտը տալու Հանիյէին

Հազարաւոր թեհրանցիներ հինգշաբթի առաւօտեան դուրս եկած են փողոցներ՝ մասնակցելու Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէին վերջին հրաժեշտի արարողութեան, յայտնած է Mehr գործակալութիւնը:

Արարողութիւնը սկսած է առաւօտեան ժամը 8-ին Թեհրանի համալսարանին մէջ քաղաքացիներու եւ պաշտօնատար անձանց ներկայութեամբ։

Մասնակիցները Հանիյէի սպանութիւնը դատապարտած են  որպէս ահաբեկչական գործողութիւն եւ յայտարարած, որ տեղի ունեցած է Իսլամական Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան խախտում:

Անոնք կարգախօսներ վանկարկած են ընդդէմ Իսրայէլի եւ անոր դաշնակիցներու, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու, եւ պահանջած են վճռական պատասխան տալ մեղաւորներուն:

Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը հաստատած է, որ Թեհրանի մէջ սպանուած շարժման քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոս 2-ին, Տոհայի մէջ։ Պաշտօնական յայտարարութեան տեքստը հրապարակուած է «Համաս»-ի Telegram-ի էջին։