image

Թեհրանի մէջ վերջին հրաժեշտ Իսմահիլ Հանիյային

Թեհրանի մէջ վերջին հրաժեշտ Իսմահիլ Հանիյային

Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին աղօթք բարձրացուցած է «Համաս»-ի քաղաքական թեւի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի յուղարկավորութեան արարողութեան ժամանակ:

Սգոյ արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած է Իսլամական Հանրապետութեան ողջ ղեկավարութիւնը, տեղի ունեցած է այսօր առաւօտեան Թեհրանի համալսարանին մէջ։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Հանիյէին պիտի յուղարկաւորեն Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ:

Հանիյէն սպանուած է օգոստոս 31-ին Թեհրանի իր նստավայրին մէջ իսրայէլեան հարուածի հետեւանքով․ ան Իրան մեկնած էր երկրի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան մասնակցելու համար: Շարժումը Հանիյէի զոհուելու պատասխանատւութիւնը դրած է Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու վրայ եւ յայտարարած, որ այդ յարձակումն անպատասխան պիտի չմնայ: