Վեց տարիներ անցած են այն օրէն, երբ նոյեմբեր 2, 2019-ին առ յաւետ ննջեց մեր ժամանակներու ամենափայլուն եւ տաղանդաշատ բանաստեղծներէն մէկը՝ Ժագ Ս. Յակոբեան։ Ուշագրաւ է, որ իր գրիչը երբեք չդադրեցաւ․ աւելի քան ութ տասնամեակ ստեղծագործելէ ետք՝ 102 տարեկան հասակին փակեց իր աչքերը՝ մինչեւ վերջ պահելով մտքի պայծառութիւնը եւ աստուածապարգեւ հոգեկան բոցը։
1937 թուականին՝ իր առաջին հատորի հրատարակութենէն սկսեալ, Յակոբեան դարձաւ Մեսրոպեան ոգիով շնչող մշակոյթի խոնարհ ու անխոնջ սպասարկուն։ Իր բանաստեղծական լեզուն՝ հարուստ պատկերներով եւ ինքնատիպ երաժշտական հմտութեամբ, մեր ազգին հոգին երգեց, մեր ցաւն ու յոյսը վկայեց, մեր գաղափարակարգի ջատագով մը եղաւ։ հոն ուր, որ ալ եղաւ։ Քրիստոնէական խորը կենսափորձէն ետք՝ իր գրիչը աւելի պայծառ, աւելի հոգեւոր փայյլատակումի վերածուեցաւ, եւ ան դարձաւ ուխտեալ աւետարանիչ՝ իր ժողովուրդին ներշնչելով սէր հայրենիքի, ճշմարիտ հաւատքի եւ ազնուագոյն արժէքներու նկատմամբ։
Եգիպտոսէն՝ Լիբանան, Աւստրալիա, Ամերիկա—ուր որ ալ ան ապրեցաւ, իր հետ տարաւ Արարատը եւ մեր ոգեղէն աւանդութիւնները։ Իր մահով մեր գրականութիւնը կորսնցուց մեծաարգոյ տաղանդ մը, որ Մեսրոպի շունչով հարստացուց մեր լեզուն,մշակոյթը եւ մեր լինելութիւնը։
Օրհնեալ մնայ Ժագ Ս. Յակոբեանի անմեռ յիշատակը։ Այո՛ իր պատգամն ու գրիչը մեզի սորվեցուց, որ իսկական բանաստեղծը չի մահանար․ ան կը վերապրի իր ժողովուրդին շունչին մէջ, եւ իր գրիչին իւրաքանչիւր տողը կը դառնայ աղօթք, մեծարանք մեսրոպածին հայոց լեզուին ու ժառանգութիւն նորահաս հայկաակներուն։
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ
Խոնարհումս քեզ աստուածապարգեւ եւ մեծատաղանդ բանաստեղծ՝ Ժագ Ս. Յակոբեան
Յակոբ Պ. Ճանպազեան
Թորոնթօ