image

Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա քաղաքէն հպարտառիթ լուր. 1 Սեպտեմբերը ՝ «Երուանդ Զօրեանի օր»

Գալիֆորնիոյ  Սանթա  Քլարա  քաղաքէն հպարտառիթ լուր.  1 Սեպտեմբերը ՝ «Երուանդ Զօրեանի օր»

ՀԲԸՄ Հայկական Համացանցային Համալսարանի հիմնադիր նախագահ՝ դոկտոր Երուանդ Զօրեան արժանացած է աննախադէպ գնահատանքի։

Յարգելով դոկտոր Զօրեանի ողջ կեանքի ընթացքի ձեռքբերումը եւ կրթութեան ոլորտէն ներս անոր յեղափոխական մօտեցումը՝ Գալիֆորնիոյ Սանթա Քլարա քաղաքը 2022 թուականի 1 Սեպտեմբերը հռչակած է դոկտոր Երուանդ Զօրեանի օր։ Այս մասին յայտնած է ՀԲԸՄ-ը ։

Երուանդ Զօրեան ծնած է 1956-ի 17 Մայիսին, Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Երուանդի ծնողները՝ Աբիկն ու Հիլտան կրթութեան ոլորտէն ներս ծառայած են Հալէպի հայ համայնքին։ Երուանդ ուսումը ստացած է Հալէպի ՀԲԸՄ-ի երկրորդական դպրոցը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքի՝ Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանը, մասնագիտացած է համակարգչային ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւն (bachelor) ստացած է Փենսիլվանիոյ մէջ, մասնագիտացած է ընդհանուր կառավարման ոլորտին մէջ։

Ան հաշւողական տեխնիկայի եւ միքրօէլեկտրոնիկայի մասնագէտ է, գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր։ 2009-ին իր ջանքերով հիմնուած է Հայկական համացանցային համալսարանը, որու հիմնադիր նախագահն է։ Ան նաեւ  Սինոփսիս Հայաստան ընկերութեան նախագահն է, ՀԲԸՄ Սիլիքոն Վելիի մասնաճիւղի նախագահը, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ է 2008 թուականէն ի վեր։

2013-ի 29 Դեկտեմբերին Երուանդ Զօրեանն ու հաշւողական տեխնիկայի եւ տեղեկագիտութեան բնագաւառի գիտնական՝ Սամուէլ Շուքուրեան իրենց կատարած «Թեստային լուծումներ նանոչափական բիւրեղի վրայ տեղաւորուած համակարգերի համար. ալգորիթմներ, մեթոտներ եւ թեստային ներկառուցուածք» աշխատանքին համար արժանացած են Պետական մրցանակի։

Կը շնորհաւորենք մեր անուանի հայրենակիցը եւ կը մաղթենք նորանոր ձեռքբերումներ։

 

Նիւթը ՝«ՕՐԵՐ» կայքէն