Եգիպտոս- ( «Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Գահիրէ պիտի նշէ Նաժիպ Մահֆուզի (1911-2006) մահուան 8-րդ տարելիցը: Այս մասին «Ալ Հայաթ»ին խօսած է Եգիպտոսի մշակոյթի նախարար Ապտըլ Ուահէտ Ալ Նապաուի: Ալ Նապաուի նաեւ յայտնած է, թէ յառաջիկայ 30 Օգոստոսին, որ կը զուգադիպի հեղինակին մահուան օրուան նախարարութիւնը պիտի հրապարակէ Մահֆուզի կեանքի ճանապարհը ներկայացնող հատոր մը եւ վաւերագրական տեսաֆիլմ մը: Մահֆուզի հրապարակած գործերուն մեծ մասը վերածուած է ֆիլմերու: Այդ գործերէն կարելի է յիշատակել ՝ «Ալ Քարնաք», «Սէրը Անձրեւի Տակ», «Խոր գիշերուան մը մէջ» «Մեր թաղի պատումները», «Ղեկավարին մեռած օրը» եւ տասնեակ այլ հատորներ: Յիշեցնենք, որ 21, Սեպտեմբեր 1950-ին Մահֆուզ կ’ենթարկուէր մահափորձի: Մահափորձին տուն տուող պատճառներէն կը համարուի, անոր «Ահրամ» թերթին մէջ հրապարակուած (թերթոնային հրապարակում) «Մեր թաղի տղաք»ը գործը, որուն դէմ Եգիպտոսի ռատիքալ շրջանակներ բողոքի ձայն բարձրացուցած էին: Թերթին մէջ հրապարակուող վէպը կ'ընդահատուէր ու ամբողջական կերպով լոյս կը տեսնէր ութ տարի անց Պէյրութի մէջ: 1995-ին Մահուզի դէմ երկրորդ եւ աւելի ծանր մահափորձ մը կը գործադրուէր եւ հեղինակը ստիպուած կ'ըլլար երկար ժամանակ հիւանդոցային վերահսկողութեան տակ մնալ: Հանդարտ եւ խոհուն նկարագրի տէր Մահֆուզ դէմ կ'արտայտուէր իր դէմ մահափորձ կատարած մեղադրեալները մահապատիժի ենթարկելուն բայց հակառակ մեծ գրողին փափաքին պետութիւնը մահապատիժի կ'ենթարկէր երկու յանցագործները: Յետագային «Իսլամ Եղբայրներ» շարժումի այդ օրերու ղեկավար ՝ Ապտըլ Մընհէմ Ապուլ Ֆութուհ կ'այցելէր Մահֆուզին եւ շարժումին անունով ներողութիւն կը խնդրէր անկէ: Արդի արաբական գրականութեան սիւներէն մին եւ անոր անունը բազում անգամներ ներկայացուած է Նոպէլեան գրականութեան մրցանակի թեկնածուութեան: (Լուսանկարին մէջ Մահֆուզ եւ աշխարհահռչակ գրող ՝ Փաուլո Գոէլո):