Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է շաբաթներ առաջ ընտրուած Թեմակալ Առաջնորդի գահակալութեան արարողութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Ֆրանսայի Հայոց Թեմէն։
Այս առթիւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք Թեմի Առաջնորդարանի կողմէ առ մեզ առաքուած հաղորդագրութիւնը։
Չորեքշաբթի, 25 Մայիսին, Փարիզի առաջնորդանիստ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ՝ Հոգեշնորհ Տէր Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանի գահակալութեան արարողութիւնը։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ էին արեւելեան ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներ, Կաթոլիկ եւ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ հոգեւորականներ, բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաներ, քաղաքապետեր եւ փոխքաղաքապետեր, պատգամաւորներ, հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ հիւրեր։ Ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ Յասմիկ Տոլմաճեան, Ֆրանսայի մօտ Արցախի Մշտական ներկայացուցիչ՝ Յովհաննէս Գէորգեան։
Գաւազանը յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Հայր Գրիգորին փոխանցեց Գուգարաց թեմի առաջնորդ՝ Գերաշներհ Տէր Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան, իսկ Վեհափառ Հայրապետի կողմէ նուիրուած ձեռաց խաչը՝ Ռումանիոյ առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան։
Այնուհետեւ առաջնորդ Հայր Սուրբը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն՝ խօսելով իր առաջնորդութեան տեսլականի մասին, որու մէջ ի մասնաւորի որպէս սրբազան պարտականութիւն ստանձնեց տքնաջանօրէն աշխատիլ Հայաստանի ու Արցախի համար։
Թեմի առաջնորդը կոչ ըրաւ սիրելու իրար, դրսեւորելու միասնականութեան ոգի եւ կամք, որոնք Աստծոյ նկատմամբ հաւատքով կ'առաջնորդեն նոր յաղթանակներու, մանաւանդ ապագայ սերունդի հայեցի դաստիրակութեան գործով։