Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը համալրումներ ուղարկած է Մարսէյլ ու Լիոն՝ անկարգութիւններու ֆոնին։ Այս մասին իր թուիթըրեան էջով յայտնած է Պուշ-տիւ-Ռոն ոստիկանութեան քաղաքապետութիւնը։
«Երէկ Մարսէյլի մէջ տեղի ունեցած քաղաքային բռնութենէն յետոյ ներքին գործոց նախարարը որոշեց զգալի համալրումներ տրամադրել՝ ի լրումն ազգային ոստիկանութեան եւ RAID-ի անձնակազմի (վերնախաւի ստորաբաժանում - խմբ). համալրում հանրապետական անվտանգութեան ընկերութիւններու կողմէ զրահատեսակի եւ ժանտարմներու երկու ուղղաթիռներու կիրառմամբ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
BFM TV ֆրանսական ալիքը յայտնած է, որ Լիոն ուղարկուած է նաեւ հանրապետական անվտանգութեան 8-րդ ստորաբաժանումը (CRS 8)։