Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տունը կը տեղեկացնէ.
«Խոր ցաւով իմացանք Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան հիմնադիրներէն Ալպեր Գալաճեանի մահը։
Ալպեր Գալաճեան երեք անգամ ստանձնած է Կրընոպլի հայոց ակումբի նախագահութիւնը, իսկ Կրընոպլի եւ Տոֆինէի Հայ մշակոյթի տան նախագահութիւնը՝ 1991-1993-ին եւ 2004-2005-ին։
Ան իր բոլոր ջանքերը ներդրած է ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանութեան եւ Հայաստանի ի նպաստ գործունէութեանց։ Անոր անսակարկ յանձնառութիւնը յաւերժ դրոշմուած պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ։
Մեր անկեղծ ցաւակցութիւնները՝ ընտանիքին եւ հարազատներուն»։
Լուսանկարին մէջ՝ Ալպեր Գալաճեան եւ Ժան Մարանճեան՝ 1981-ին, Կրընոպլի հայոց ակումբի ընտրութիւններուն
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն