image

Ֆրանսա եւ ԱՄՆ պիտի շարունակեն աջակցիլ՝ Ուքրանիոյ

Ֆրանսա եւ ԱՄՆ պիտի շարունակեն աջակցիլ՝ Ուքրանիոյ

Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները վերահաստատած են իրենց վճռականութիւնը՝ շարունակելու մեծցնել ռազմական օգնութիւնը Ուքրանիոյ, յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն։

Ֆրանսայի նախագահը 29 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր պաշտօնական այցով կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ։ Հինգշաբթի ան Սպիտակ տան մէջ բանակցութիւններ վարած է Ճօ Պայտընի հետ։

«Այսօրուան բանակցութիւնները մեզի օգնեցին հաստատել  շարք մը նախաձեռնութիւններ, որոնք մենք մտադիր ենք իրականացնել յառաջիկայ օրերուն եւ շաբաթներուն, այդ շարքին՝ մեծցնելով օգնութիւնը ուքրանացի զինուորականներուն, որ անոնք կարողանան դիմանալ»,- ըսած է Մաքրոն Պայտընի հետ բանակցութիւններէն ետք կայացած մամլոյ ասուլիսին։