image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքը (Լուսանկարը)

 Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքը (Լուսանկարը)

 «Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հայ կաթողիկէ զաւակ կը սպասէր իր հովիւին, որպէսզի անկէ ճանչցուի, կոչուի իր անունով եւ առաջնորդուի Աւետարանի զօրեղ եւ հեզ խօսքով»:

 

Կաթողիկէ աշխարհի   Քահանայապետ,  Հռոմի  Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին ու անոր ընկերացող Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը նորընտիր պատրիարքին յանձնեց «Եկեղեցական հաղորդութեան» վաւերագիրը, որուն մէջ պապը կը յայտնէ, թէ «ինք եւս կը միանայ եկեղեցւոյ ուրախութեան` պատրիարքի ընտրութեան համար»` նշելով, որ «Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդի իւրաքանչիւր հայ կաթողիկէ զաւակ կը սպասէր իր հովիւին, որպէսզի անկէ ճանչցուի, կոչուի իր անունով եւ առաջնորդուի Աւետարանի զօրեղ եւ հեզ խօսքով»:

Վաւերագիրին մէջ գրուած է, որ սրբազան քահանայապետը կը հաստատէ, որ ինք լաւապէս կը ճանչնայ հայ ժողովուրդը` իբրեւ «տառապելու մէջ» մասնագէտ, «անոր քրիստոնէական 1700 տարիներէ աւելի պատմութեան ժամանակ կրած փորձանքներուն համար ու նաեւ անոր անսպառ կարողութեան համար` վերածաղկելու եւ պտուղ տալու, իր սուրբերուն եւ նահատակներուն սրբութեան ու իմաստութեան միջոցով, իր վարդապետներու եւ մտաւորականներու մշակոյթին միջոցով, իր արուեստին միջոցով, որ գիտէ ժայռին մէջ քանդակել խաչը` իբրեւ կեանքի ծառ, որ վկայութիւն է հաւատքի յաղթանակին, աշխարհի որեւէ հակառակ ուժի վրայ»: