Վատիկան- Վատիկանի մեր աղբիւրներէն կ'իմանանք, թէ Շաբաթ` 8 օգոստոս 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունելէ ետք Սուրբերու Դատի ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Անճելօ Ամաթոն վաւերացուցած է Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան ընթացքին նահատակուած, Սանդ Էֆրեմ եղբայրութեան անդամ` Ֆլավիանօ Միքելէ Մելքին եպիսկոպոսը։ Ան ծնած էր Քալլէէթ Մարա (այժմու Թուրքիա) ու սպաննուած Ճեզիրէի մէջ, 29 օգոստոս 1915-ին։ Գերապայծառ Ֆլավիանօ Միքելէ Մելքին կը հանդիսանայ երկրորդ եպիսկոպոսը որ խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանէն ետք։