image

Ազգային Ժողովը վաւերացուց ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը. դիտորդներու լիազօրութիւնները պիտի ընդլայնուին

Ազգային Ժողովը վաւերացուց ԵՄ առաքելութեան կարգավիճակի մասին համաձայնագիրը. դիտորդներու լիազօրութիւնները պիտի ընդլայնուին

ՀՀ Ազգային ժողովը մարտ 20-ի նիստի մեկնարկին առաջին եւ երկրորդ ընթերցմամբ ու ամբողջութեամբ ընդունած է շարք մը նախագիծեր:

Ան ընդունած է նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ՀՀ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան կարգավիճակի մասին» համաձայնագիրը վաւերացնելու նախագիծը:

Որոշումն ընդունուած է 57 կողմ, 0 դէմ եւ 27 ձեռնպահ ձայներով։

Նշենք, որ Եւրոպական խորհուրդի որոշմամբ`մշտական հիմունքներով Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս տեղակայուած է 2023 թուականի փետրուար 20-էն: Մինչ այդ՝ 2022 թուականի հոկտեմբերէն, առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ էր ժամանակաւոր հիմունքներով։

Ըստ համաձայնագրի` դիտորդներու կարգավիճակը մօտ է դիւանագիտական կարգավիճակին, այն իմաստով, որ անոնք եւ անոնց ծառայողական գոյքը (մեքենաներ, սարքեր եւ այլն) ենթակայ չեն մաքսային զննման եւ Հայաստանի մէջ գրանցման ընթացակարգերու:

Դիտորդները պիտի օգտուին իրաւական անձեռնմխելիութենէ՝ իրենց դիտորդական գործառոյթներու կատարման առումով։ Այն շէնքերը, ուր կը գտնուի առաքելութիւնը, անձեռնմխելիութեան կարգավիճակ պիտի ունենան եւ խուզարկութեան ենթակայ պիտի չըլլան։ Առաքելութեան նամակագրութիւնն ու արխիւները նոյնպէս անձեռնմխելի պիտի ըլլան։

Համաձայն վերոնշեալ նախագիծի՝ Եւրոմիութիւնը իրաւունք ունի Եւրոպական Միութեան ոչ անդամ երկիրները մասնակից դարձնելու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան:

Ներկայիս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին առաքելութիւն իրականացնող եւրոդիտորդներու թիւը 209 է (նախկին 138-ի փոխարէն):

Իրաւական անձեռնմխելիութենէն կրնան բացառութիւններ ըլլալ, եթէ անօրինական գործունէութեան եւ առաքելութեան անդամներու կողմէ անօրինական բեռերու տեղափոխման վերաբերեալ լուրջ կասկածներ առաջանան: