Ամերիկեան Fitch վարկանիշային գործակալութիւնը ուրբաթ՝ 12 սեպտեմբերին, Ֆրանսայի վարկունակութեան գնահատականը AA—էն իջեցուցած է A+-ի: Գործակալութիւնը յայտարարութեան մէջ նշած է, որ երկրի պատմութեան մէջ ամենավատ վարկանիշը կրնայ յանգեցնել պետական պարտքի սպասարկման աւելի մեծ ծախսերու:
Որոշումը պայմանաւորուած է քաղաքական անկայունութեամբ եւ պետական ֆինանսներու կայունացման յստակ ծրագրի բացակայութեամբ: Fitch նշած է, որ ճգնաժամը կ'աւելցնէ ճնշումը նոր վարչապետ Սեբաստիան Լըքորնիւի վրայ, որ պաշտօնը ստանձնած է ընդամէնը քանի մը օր առաջ եւ կը ձեւաւորէ իր կազմը:
Նշենք, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այս շաբաթ Լըքորնիւն նշանակած է կառավարութեան նոր ղեկավար: Նախորդ վարչապետին՝ Ֆրանսուա Պայրուին ֆրանսական խորհրդարանը անվստահութիւն յայտնած էր:
Ելեւմուտի նախարար Էրիք Լոմպարտ յայտարարած է, որ ի գիտութիւն ընդունած է Fitch-ի որոշումը եւ ընդգծած, որ Լըքորնիւ կը շարունակէ բանակցութիւնները խորհրդարանին հետ նոր պիւտճէի շուրջ։ Նոր վարչապետը պէտք է 2026 թուականի պիւտճէի ամբողջական նախագիծը խորհրդարան ներկայացնէ մինչեւ 7 հոկտեմբեր։