Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ալեքսանտր Նեւսքի»ի շքանշան յանձնած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանին:
Նշուած է, որ շքանշանը շնորհուած է Ազգային միասնութեան օրուան առիթով։ Ռուսիոյ նախագահը պարգեւներ յանձնած է նաեւ կրօնական փոքրամասնութիւններու այլ ներկայացուցիչներու։
Նշենք, որ ամէն տարի նոյեմբեր 4-ին Ռուսիոյ մէջ կը նշուի Ազգային միասնութեան օրը: Այն սահմանուած է «Ռուսիոյ ռազմական փառքի օրերու (յաղթական օրերու) մասին» դաշնային օրէնքով։