Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը յայտարարած է, որ Անդրանատոլիական կազատարը (TANAP) այլընտրանք է Եւրոպական Միութիւն ռուսական կազի մատակարարման։
«Երկու հիմնական այլընտրանքներէն մէկը TANAP-ն է՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համատեղ նախագիծը», - Քալընի այս խօսքը մէջբերած է «A Haber» հեռուստաալիքը:
Աւելի վաղ Եւրոպական Միութեան մօտ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վլատիմիր Չիժովը նշած էր, որ Եւրոպայի կողմէ ռուսական ուժանիւթակիրներէն հրաժարիլը «որոշ չափով ինքնասպանութիւն» պիտի ըլլայ։