image

Եւրոպան պիտի օգնէ վերականգնել Սուրիան. Շոլց

Եւրոպան պիտի օգնէ վերականգնել Սուրիան. Շոլց

Եւրոպան պիտի օգնէ Սուրիոյ վերակառուցման հարցով: Ուրբաթ օր այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը:

«Բոլոր տառապանքներէն ետք, սուրիացիներն արժանի են ապրելու ազատ եւ ապահով: Ատոր ապահովումը նոր ղեկավարութեան ամենակարեւոր խնդիրն է: Այս հիմքով մենք անոնց հետ պիտի համագործակցինք։

Եւրոպան նոյնպէս պիտի օգնէ Սուրիոյ վերականգնման»,-ըսած է Շոլցը X էջին տեղադրուած տեսաուղերձին մէջ։