image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահն ու Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են Արցախի հարցը

Եւրոպական խորհուրդի նախագահն ու Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը քննարկած են Արցախի հարցը

Եւրոպական խորհրդի նախագահ Շարլ Միշէլ եւ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի քննարկած են Արցախի հարցը։

«Մենք քննարկած ենք Պալքաններու մէջ ընդլայնուելու անոր (Շարլ Միշէլի – խմբ․) տեսլականը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ Հայիթիի ճգնաժամի կարգաւորման ուղղուած հետագայ քայլերը»,- թուիթըրեան իր էջին գրած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարը։

Հանդիպումը կայացած է Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցող Պլետի ռազմավարական համաժողովի ծիրէն ներս:

Համաժողովին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Համաժողովի ծիրէն ներս ան հանդիպած է Սլովենիոյ եւ Քորէայի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակած է Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարին հետ։