Եւրոպական խորհրդարանը 448 կողմ, 67 դէմ եւ 107 ձեռնպահ ձայներով ընդունած է Թուրքիոյ վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ու Հայոց ցեղասպանութեանը
«Եւրոպական խորհրդարանը կ'ողջունէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ վերջին մերձեցումը` կապուած երկկողմ շփումներ սկսելու որոշման, յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման եւ երկու երկիրներու միջեւ թռիչքներու վերսկսման հետ: Այս փորձը կը համարենք խիստ դրական զարգացում, որ դրականօրէն կ'ազդէ տարածաշրջանի բարգաւաճման եւ անվտանգութեան վրայ: Կը խրախուսենք երկու կողմերը շարունակելու այդ ջանքերը` իրենց յարաբերութիւնները լիովին կարգաւորելու նպատակով եւ կոչ կ'ընենք ԵՄ-ին աշխուժօրէն աջակցելու այս գործընթացին:
Կը խրախուսենք Թուրքիոյ ճանապարհ հարթել թուրք եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ իրական հաշտեցման, ներառեալ Հայոց ցեղասպանութեան վէճը լուծելու համար, եւ լիովին յարգել հայկական եւ այլ մշակութային ժառանգութիւնը պաշտպանելու իր պարտաւորութիւնները: Յոյս կը յայտնենք, որ այդ կրնայ յանգեցնել Հարաւային Կովկասի մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման աշխուժութեան: Եւս մէկ անգամ կը խրախուսենք Թուրքիոյ ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը», կ'ըսուի զեկույցին մէջ:
Զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կը կատարուի աշխուժացնել ջանքերը այդ երկրին մէջ հայերու եւ այլ փոքրամասնութիւններու ծանր վիճակի արդիւնաւէտ կարգաւորման ուղղութեամբ: