image

Եւրոպական 4 երկիրներ մտահոգ են Երուսաղէմի արաբական թաղամասով

Եւրոպական 4 երկիրներ մտահոգ են Երուսաղէմի արաբական թաղամասով

Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան եւ Սսպանիան անհանգստացած են Արեւելեան Երուսաղէմի Շէյխ Ճարրահ արաբական թաղամասին մէջ բնակիչներու արտաքսման համար։ Այս մասին ըսուած է համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ տարածած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Մենք կոչ կ'ընենք Իսրայէլի կառավարութեան՝ անյապաղ դադրեցնելու արտաքսումը եւ Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ պաղեստինեան շինութիււններու աւերումը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Բացի այդ, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները կոչ ըրած են իսրայէլեան իշխանութիւններուն չեղարկելու Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ հարիւրաւոր նոր տուներու կառուցման որոշումը, մասնաւորապէս Հար-Հոմա բնակավայրի շրջանի մէջ։ Նախարարները նշած են, որ Իսրայէլի այդ գործողութիւնները կը հակասեն միջազգային իրաւունքին եւ կը խոչընդոտեն իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման։

Քանդումի ենթակայ շէնքերու բնակիչներու վտարման գործողութիւնը աւարտած է։ Դէմ հանդէս եկող 18 աքթիվիսթներ ձերբակալուած են։