Եւրոխորհրդարանի անդամ Լուքաս Ֆուրլասը գրաւոր տեսքով հրատապ հարց ուղղած է Եւրայանձնաժողովին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Շուշիի հայկական եկեղեցւոյ վրայ իրականացուած յարձակումներու մասին: Այս մասին կը յայտնէ Horizon Weekly-ն՝ յղում ընելով եւրապատգամաւորի թուիթըրեան էջին:
Իր գրառման մէջ Ֆուրլասը նշած է, որ կը դատապարտէ թրքական զինուած ուժերու կողմէ աջակցութիւն ստացող ատրպէյճանական բանակի գործողութիւնները: Վերջինս գրաւոր դիմումով պահանջած է միջոցներ ձեռնարկել քաղաքացիներու եւ կրօնական նշանակութեան կոթողներու պաշտպանութեան համար:
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորը շեշտած է, որ ըստ Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը երկու անգամ յարձակում գործած են Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ 2020 թուականի 8 հոկտեմբերին: Վերջինս հարց ուղղած է՝ արդեօ՞ք ԵՄ-ն մտադիր է քայլեր ձեռնարկել պաշտպանելու համար քաղաքացիներն ու եկեղեցիները:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել