Եւրոպական խորհրդարանի Մարտ 12-ի լիագումար նիստին քննարկուած է Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն դէմ շինծու դատավարութիւններու մասին բանաձեւը՝ հրատապ ընթացակարգով։ Այդ մասին կը յայտնէ «Արմէնփրէս»-ը՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի հարցերով մշտական զեկուցող եւ բանաձեւի համահեղինակներէն Միրիամ Լեքսման իր ելոյթին ընթացքին նշած է, թէ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող կեղծ դատավարութիւնները եւ գերիներու անմարդկային պայմանները կը ցուցադրեն Ալիեւի իրական դիմագիծը՝ վարչակարգ մը, որ կ՚անտեսէ միջազգային պարտաւորութիւնները։
«Մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի ռազմավարական գործընկերութեան, Պաքուի վարչակարգը կը շարունակէ սպառնալ իր դրացիներուն եւ խոչընդոտել շրջանի խաղաղութեան ուղղուած ջանքերը։
Ներկայ աշխարհաքաղաքական միջավայրին մէջ հրատապ անհրաժեշտութիւն է, որ ԵՄ-ն պաշտպանէ իր արժէքները, յատկապէս իր անմիջական դրացիութեամբ։ Ատոր փոխարէն, մենք կրկին կ՚աշխատինք գոհացնել բռնապետը եւ քաջալերել Ալիեւի քայլերը՝ ընդլայնելով առեւտրական գործակցութիւնը։ Մի՞թէ մենք դասեր չքաղեցինք։ Ժամանակն է դադրեցնել ռազմավարական գործընկերութեան պատրանքները, առերեսուիլ իրականութեան հետ եւ գործել՝ մեր արժէքներուն եւ սկզբունքներուն համաձայն»,– իր ելոյթին մէջ ըսած է Եւրոպացի պատգամաւոր Միրիամ Լեքսման։
Հայաստանի հարցերով համազեկուցող եւ բանաձեւի համահեղինակներէն Վասիլէ Տինքու իր ելոյթին մէջ նշած է, որ հայ քաղաքական բանտարկեալներուն վիճակը մեծ հարցական մըն է Կովկասի այս հատուածին մէջ արդարութեան, կայունութեան եւ խաղաղութեան գծով։ Ան յիշեցուցած է, որ Եւրոպական խորհրդարանը երբեք չէ շեղած իր սկզբունքներէն այս հարցերուն մէջ՝ ներառեալ Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան առնչութեամբ։
«Մենք կ՚ուզենք ըլլալ այս դատավարութիւններուն մաս եւ աջակցիլ այն հնարաւոր պատժամիջոցներուն, որոնք պիտի ուղղուին ատրպէյճանցի այն պաշտօնեաներուն դէմ, որոնք կը գործադրեն դատական բռնութիւններ։ Մենք պէտք է խիստ պատժամիջոցներ կիրարկենք այս պաշտօնեաներուն նկատմամբ եւ քաջալերենք ապագային նման բռնութիւններու կանխարգիլումը։ Ապագան հեռու է դրականէն։ Տարածաշրջանին մէջ ռազմական իրավիճակը նկատի ունենալով՝ մենք պէտք է գործենք հիմա եւ ընդունինք յստակ միջոցներ՝ ապագայ ողբերգութիւն կանխելու համար», – իր ելոյթին մէջ նշած է պատգամաւորը։
Առաջարկուած բանաձեւի համահեղինակ, Հայաստանի հարցերով համազեկուցող Նաթալի Լուազոն իր ելոյթին մէջ նշած է, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցող դատավարութիւնները ոչինչով կը զիջին սթալինեան դատավարութիւններուն, եւ որ գերիներուն միակ «մեղքը» հայ ըլլալն է։ Լուազոն, դիմելով ԵՄ-ի բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քայա Քալասին, ափսոսանք յայտնած է, որ ան կրկին անգամ ներկայ չէ լիագումար նիստին եւ չի լսեր իրենց։ Պատգամաւորը Քալասին կոչ ուղղած է այցելելու Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ տեսնելու, որ գոյութիւն ունի երկիր մը՝ խաղաղութեան ձգտումով եւ Եւրոպայի երազով։ Եւրոպախորհրդարանականը կոչ ուղղած է լսելու եւ իրականացնելու այն, ինչ որ երկար ժամանակէ ի վեր անընդհատ կը պահանջէ Եւրոպական խորհրդարանը։
ԵԽ-ի քաղաքական բոլոր խմբակցութիւններէն ելոյթ ունեցած տասնեակէ աւելի պատգամաւորներ կարեւորած են ԵՄ-ի կոշտ դիրքորոշումը, Ատրպէյճանը պատասխանատւութեան ենթարկելու, պատժամիջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը եւ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը անուանած են ամօթալի։
Պատգամաւորները յիշեցուցած են, որ Պաքուէն գնուած կազը չի կրնար աւելի առաջնահերթ ըլլալ, քան մարդու իրաւունքները եւ Եւրոպական արժէքները՝ յատկապէս ընդգծելով, որ ռուսական եւ ատրպէյճանական կազերուն միջեւ տարբերութիւն չկայ։
Քննարկումին աւարտին ելոյթ ունեցած է Եւրոպական Յանձնաժողովի յանձնակատար Տան Եորկընսընը։
«Եւրոպական Յանձնաժողովը կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղէն 16 հայ մեղադրեալներու դէմ ընթացող դատավարութիւններուն, որոնք սկսած են այս տարուան Յունուար 17-ին՝ Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ։ Մենք տեղեակ ենք, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւնները մտահոգութիւն արտայայտած են այս դատավարութիւններուն արդարութեան եւ մեղադրեալներու նկատմամբ վերաբերմունքին մասին։ Շատերդ նոյն մտահոգութիւնները արտայայտեցիք, եւ այսօր մենք այս հարցերուն շատ լուրջ կը վերաբերինք՝ հետեւելով զարգացումներուն։ Արդար դատավարութեան իրաւունքը պէտք է երաշխաւորուի եւ յարգուի։ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը Հարաւային Կովկասի մէջ նոյնպէս ուշի ուշով կը հետեւի այս հարցերուն եւ մեր մտահոգութիւնները կը փոխանցէ Պաքուի իշխանութիւններուն», – ըսած է յանձնակատար Եորգկընսընը՝ աւելցնելով, որ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները Ատրպէյճանի հետ հիմնուած են սկզբունքներու վրայ, որոնց երկու կողմերն ալ պարտաւորուած են հաւատարիմ մնալ։ Առաջին հերթին՝ մարդկային իրաւունքներու եւ օրէնքի գերակայութեան յարգումը։
«Հետեւաբար, Եւրամիութիւնը պիտի շարունակէ կոչ ընել Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, որոնք կը ներառեն օրինական դատավարութեան եւ արդար դատաքննութեան իրաւունքը։ Մենք պիտի օգտագործենք բոլոր կարելի միջոցները, որ Ատրպէյճան պարտաւորուի ապահովել բանտարկեալներուն համար արժանապատիւ եւ ապահով պայմաններ։ Խոշտանգումներու եւ անմարդկային վերաբերմունքի վերաբերեալ զեկոյցները պէտք է անյապաղ եւ անկողմնակալ կերպով հետաքննուին», – նշած է յանձնակատարը։
Յանձնակատար Եորկընսըն նշած է, որ ԵՄ-ը պիտի շարունակէ կոչ ընել, որ կողմերը, հիմնուելով արդէն ձեռք բերուած յաջողութիւններու վրայ, շարունակեն առաջընթացը յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ։
«Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին՝ կիրառելով մեր ունեցած բոլոր գործիքները։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու կողմերուն երկխօսութեան մէջ՝ ուղղուած երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման», – եզրափակած է Տան Եորկընսընը։
Հրատապ ընթացակարգով առաջարկուած բանաձեւը Մարտ 13-ին դրուած է քուէարկութեան։