Երեւանի մէջ բնակարաններու վարձակալութեան գիներն աճած են ռուս գաղթականներու հոսքի պատճառով։ Նման վերնագրով տեսանիւթ պատրաստած է Euronews-ը՝ նշելով, որ Ուքրանիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր հարիւր հազարաւոր ռուսեր լքած են իրենց երկիրը, եւ անոնցմէ շատերը հաստատուած են Հայաստան։
Լրատուամիջոցը նշած է, որ Երեւանի մէջ բնակարաններու վարձակալութեան գիներն աճած են 30-40 տոկոսով, հակառակ անոր՝ քաղաքի կեդրոնին մէջ տուն գտնելը բաւական բարդ է։
Աճած է անեւ բնակարաններու առքուվաճառքի գործարքներու թիւը, այնպէս որ փորձագէտները Հայաստանի մէջ նոյնիսկ շինարարական վերելք կը կանխատեսեն։