Մոսկուան պատրաստ է հացահատիկ մատակարարելու անոր կարիքն ունեցող բոլոր երկիրներուն, սակայն համաշխարհային սովի դէմ արդիւնաւէտ պայքարելու եւ պարէնային անվտանգութեան խնդիրները լուծելու համար Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցները պէտք է չեղարկուին: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Ռուսիան պատրաստ է իր հացահատիկը մատակարարելու բոլոր կարիքաւոր երկիրներուն, բայց Արեւմուտքն է, որ յանուն իր քաղաքական եւ առեւտրային շահերուն, սահմանափակումներ մտցուցած է օտարերկրեայ նաւերու մուտքը ռուսական նաւահանգիստներ, ինչպէս նաեւ ստեղծած է անյաղթահարելի խոչընդոտներ ապահովագրութեան եւ դրամատնային գործարքներու ոլորտին մէջ: Եթէ ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ն իսկապէս կը փափաքին լուծել համաշխարհային սովի խնդիրը, պէտք է չեղարկեն համապատասխան սահմանափակումները, այդ ակնյայտ է», ըսած է դիւանագէտը: