image

Եթէ «Համաս»-ի հետ առաջիկային համաձայնութեան չհասնինք, մարտերը պիտի շարունակուին. Իսրայի բանակ

Եթէ «Համաս»-ի հետ առաջիկային համաձայնութեան չհասնինք, մարտերը պիտի շարունակուին. Իսրայի բանակ

Իսրայէլէն յայտնած են, որ մօտ օրերս պարզ պիտի դառնայ՝ արդեօք հնարաւո՞ր է համաձայնութեան յանգիլ «Համաս»-ի հետ՝ գերիներու ազատ արձակման հարցով։

«Եթէ ոչ՝ մարտերը պիտի շարունակուին առանց դադարի»,– նշած են Իսրայէլի բանակէն (ՑԱՀԱԼ)։

Մինչ այդ, միջազգային հանրութիւնը կ՚ահազանգէ Իսրայէլի գործողութիւններուն հետեւանքով Կազայի շրջանին մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի մասին։

Պերլին կոչ ըրած է դադրեցնելու տարածաշրջանի մարդասիրական աղէտը։ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ Իսրայէլ կատարած այցելութեան ընթացքին, յայտնած է, որ իր երկիրը պիտի ընդլայնէ պաղեստինցիներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը եւ պատրաստ է Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիրին լրացուցիչ 5 միլիոն եւրօ յատկացնելու։ Եոհան Վատէֆուլ կոչ ըրած է Իսրայէլին՝ վերսկսելու գործակցութիւնը ՄԱԿ-ի հետ։

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Արեւմտեան ափի Ռամալլա քաղաքին մէջ ընդունած է նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս։ Օրակարգին մէջ եղած է նաեւ Կազայի շրջանի մարդասիրական ճգնաժամը՝ մասնաւորաբար սովը եւ իսրայէլցի զինուորականներու կողմէ խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորումը։