Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, օրերս, տեղի ունեցած է հերթական Փոքրերու Պատմութեան ժամը։ Միջոցառման ընթացքին Սօսէ Պէօճէքեան ներկայացուց իր հեղինակած հեքիաթը՝ «Լաւագոյն Աղբարիկը», պատմութիւնը հիւսելով յիշարժան օրուան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան տարեդարձի շուրջ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Գանատայի ՀՅԴ Օրկան՝ «Հորիզոն»էն։
Ստորեւ հրապակարակուած թղթակցութիւնը՝
Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Փոքրերու Պատմութեան Ժամի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 23 Մայիս 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-7:00, Կէօնճեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական Փոքրերու Պատմութեան ժամը։
Միջոցառման ընթացքին Սօսէ Պէօճէքեան ներկայացուց իր հեղինակած հեքիաթը՝ «Լաւագոյն Աղբարիկը»։ Պէօճէքեան իր յատուկ եւ ջերմ ոճով կարդաց պատմութիւնը, միաժամանակ անդրադառնալով Արամին՝ պատմութեան հերոսին կերպարին, անոր իբրեւ մեծ աղբարիկ նոր պատասխանատուութիւններուն եւ զգացումներուն, որոնք առաջացած են փոքր եղբօր սպասումով։
Հաշուի առնելով Մայիս 28-ի՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին Անկախութեան տարեդարձը, Պէօճէքեան պատմութիւնը հիւսեց այս յիշարժան օրուան շուրջ՝ զուգադրելով Արամի դերը ազգային պատմական արժէքներուն հետ։ Այս առիթով հրաւիրուեցաւ ՀՄԸՄ «Կամք» մասնաճիւղի փողերախումբի անդամ քոյր Սարին Խաշխըշեան, որ փոքրիկներուն ծանօթացուց թմբուկը՝ բացատրելով անոր գործածութիւնը, ապա առիթ տուաւ փոքրիկներուն, որ իրենք ալ զարկ տան թմբուկին։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ, եւ փոքրիկները Պէօճէքեանի առաջնորդութեամբ պատրաստեցին ձեռային գեղեցիկ աշխատանք մը՝ նուիրուած Մայիս 28-ի խորհուրդին։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր ներկայ եղողներուն եւ մասնակցողներուն։ Մեր յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 20-ին՝ նոր պատմութեամբ եւ ստեղծագործ փորձառութեամբ։
Նշենք, որ «Լաւագոյն Աղբարիկը» ապահովելու համար կրնաք դիմել Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի գրատարածին, որ բաց է ամէն Կիրակի, ժամը 11:00-էն 2:00։