Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմութեան առաջնորդ, նախագահի թեկնածու, քեմալիստական Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն թուիթըրեան իր էջին հրապարակուած տեսանիւթի միջոցով յայտնած է, որ ծագումով ալեւի է՝ Թուրքիոյ մէջ ամենամեծ կրօնական փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ: Այս մասին գրած է Bloomberg-ը:
«Ես ալեւի եմ», -ըսած է Քըլըչտարօղլուն:
«Ընտրուելու պարագային մենք այլեւս չենք խօսիր խտրականութեան եւ տարբերութիւններու մասին: Մենք կը խօսինք մեր գործընկերութիւններու եւ ընդհանուր երազանքներու մասին», -ըսած է ան ուղերձին մէջ:
Թուրքիոյ մէջ կը նախատեսուի նախագահական ընտրութիւններ կայացնել 2023 թուականի մայիս 14-ին՝ որպես 2023 թուականի համընդհանուր ընտրութիւններու մաս՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու հետ մէկտեղ։ Հիմնական մրցակիցներն են՝ Թուրքիոյ գործող նախագահ, «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան նախագահ, Ժողովրդական դաշինքի թեկնածու Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ, Ազգային դաշինքի թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուն։
Ալեւիները հիմնական կը բնակին Սուրիոյ մէջ (Լաթաքիա, Թարթուս), Հարաւային Թուրքիոյ մէջ (Անտիոք, Տարսոն, Ատանա) եւ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ՝ ընդամէնը՝ 2 միլիոն մարդ։ Ալեւիներու դաւանանքը իր մէջ կը կրէ նաեւ շիականութեան, քրիստոնէութեան եւ նախաքրիստոնէական աստղային հաւատալիքներու տարրեր: