image

Երուսաղէմի Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը. նոր ընտրութիւններ եւ որոշումներ

Երուսաղէմի Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը. նոր ընտրութիւններ եւ որոշումներ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի
21-22 Մա3իս, 2025, Ս. Աթոռ, Երուսաղէմ

21 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ մեկնարկեց Սուրբ Աթոռոյս Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը, որ շարունակուեցաւ նաեւ կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին եւ յաջորդ օրը՝ 22 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան եւ կէսօրէ ետք:

Համաձայն Տնօրէն Ժողովի կողմէ ներկայացուած օրակարգի՝ Միաբանութեան անդամներու ներկայութեան ստուգումէ ետք Ժողովը բացաւ Սուրբ Աթոռոյս Գահա-կալ՝ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը, «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքով, Ս. Աթոռ գտնուող 24 Միաբան եղ-բայրներէն 22-ի ներկայութեամբ:

Որպէս օրակարգ ներկայացուած էր.

• Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ նիստերու ատենագրութեանց ընթերցում եւ վաւերացում

• Ընտրութիւն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանի

• Ընտրութիւն Տնօրէն Ժողովի դադարեալ երեք անդամներու

• Համարատուութիւն Տնօրէն Ժողովի եւ վաւերացում:

• Համարատուութիւն Ելեւմտից տեսչութեան եւ պիւտճէի ներկայացում

• Համարատուութիւն Կալուածոց տեչութեան

Նախ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ներկայ դիւանի Ա. եւ Բ. Ատենա-դպիրներ՝ Հոգեշնորհք Տ. Արշակ Աբղ. Ղազարեան եւ Տ. Գէորգ Վրդ. Հայրապե-տեան ընթերցան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի նախորդ երեք նիստերու ատե-նագրութիւնները: Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը եւ ժողովականները գը-նահատելով կարդացուած երեք ատենագրութիւնները՝ ձեռամբարձաւ վաւերացուցին զանոնք: Ապա Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտ-նելով ներկայ դիւանի գործունէութեան, առժամեայ Ատենապետ նշանակեց այս օրե-րուն Սուրբ Աթոռ ժամանած Սրբոց Յակոբեանց Միաբաններէն Գերաշնորհ Տ. Խա-ժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը եւ առժամեայ Ատենադպիր նշանակեց Հոգե-շնորհ Տ. Աղան Վրդ. Գոգչեանը՝ կազմակերպելու Միաբանական Ընդհանուր Ժողո-վի դիւանի անդամներու ընտրութիւնը:

Առժամեայ Ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առժամեայ Ատենապետի պաշտօնն իրեն վստահելու հա-մար եւ անմիաջապէս յայտարարեց ընտրութիւն Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանի: Միաբան Հայրերը նոր երկու տարուայ շրջանի համար իբր Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւան ընտրեցին հետեւեալները.

Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Ա. Ատենապետ

Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան Բ. Ատենապետ

Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեան Ա. Ատենադպիր

Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեան Բ. Ատենադպիր

Առժամեայ Ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան այս անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Ատենա-պետի պատասխանատու պաշտօնն իրեն վստահելու համար եւ շնորհաւորելով նո-րընտիր Դիւանի անդամները՝ վարեց Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիս-տը՝ ատենադպրութեամբ Ա. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Սիոն Աբեղայ Թաքուշեանի եւ Բ. Ատենադպիր՝ Հոգեշնորհ Տ. Սերովբէ Աբեղայ Անտոնեանի:

Ժողովս անմիջապէս անցաւ օրակարգի յաջորդ կէտին եւ գաղտնի քուէարկու-թեամբ քուէից բացարձակ մեծամասնութեամբ ներկայացուած կրկնանուն ցանկէն Տնօրէն Ժողովի երեք նոր անդամներ ընտրեց.

Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանը

Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեանը

Տ. Վազգէն Վարդապետ Ալէքեանը

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի դիւանը շնորհաւորեց Տնօրէն Ժողովի երեք նոր անդամներու ընտրութիւնը եւ հրաւիրեց Նախագահ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը՝ կատարելու Միաբանա-կան Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստի իր բացման խօսքը: Ապա Ատենապետ Սրբա-զան Հայրը անցնելով օրակարգի յաջորդ կէտին՝ հրաւիրեց ներկայ Տնօրէն Ժողովի Ա. Ատենադպիր Հոգեշնորհ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեանը՝ ներկայացնելու Տնօ-րէն Ժողովի 2023-ի Մարտէն մինչեւ 2025-ի Մայիս շրջանի համարատուութիւնը:

Տնօրէն Ժողովի երկարաշունչ համարատուութենէ ետք Միաբան Հայրերը նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայր Ներսեհին՝ կատարած աշխատանքի համար, ապա իրենց յուզող հարցերն ուղղեցին Տնօրէն Ժողովի նախկին անդամներուն եւ ստանալով բաւարար պատասխաններ ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեցին Տնօրէն Ժողովի 2023 Մարտէն մինչեւ 2025 Մայիս տարիներու համարատուութիւնը:

Տնօրէն Ժողովի համարատուութենէ ետք Ատենապետ՝ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի ներկաներուն ներկայացուց Նախագահ Պատրիարք Սրբազան Հօր խնդրանքով ստեղծուած «Խորհրդատուական մարմնի» կազմութեան եւ անոր գործունէութեան սահմաններու մասին: Սոյն «Խորհրդատուական մարմինը», որու կազմի մէջ ներգրաւուած են փաս-տաբաններ, քաղաքագէտներ, PR մասնագէտներ, անուանի անձեր, ղեկավարներ եւ բարերարներ, կոչուած է զանազան ուղղութիւններով ուսումնասիրելու Պատրիար-քութեանս առնչուող խնդիրները եւ միմիայն խորհրդատուութիւն տալու: «Խորհրդա-տուական մարմինը» որեւէ որոշում առնելու իրաւունք չունի, անոր խորհրդատուու-թեամբ բոլոր որոշումները պիտի առնեն Տնօրէն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողո-վները:

Ատենապետ Սրբազան Հօր ներկայացումէն ետք, Միաբան Հայրերը այլեւայլ հարցերու շուրջ իրենց գրաւոր առաջարկներն ուղղեցին Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին:

22 Մայիս, 2025-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին շարունակուեցաւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը: Օրակարգի յաջորդ նիւթի համաձայն Ելեւմտից տեսչութեան վարիչ՝ Գերաշնորհ Տ. Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան մանրամասն ներկայացուց Պատրիարքութեանս 2022-2024 թուականներու Ելեւմտական համա-րատուութիւնը եւ պիւտճէն: Ապա Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը Պատրիարքու-թեանս բոլոր բաժանմունքներու ծախսերն ու եկամուտները բծախնդրօրէն քննելէ, Թէոդորոս Սրբազանին հարցումներ ուղղելէ ետք ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեց Ելեւմտական համարատուութիւնը:

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի օրակարգի վերջին նիւթն էր Կալուածոց Տեսչութեան համարատուութիւն, որ ներկայացուց Պատրիարքութեանս Կալուածոց Տեսուչ՝ Գերաշնորհ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Բաղդասարեան: Սրբազան Հայրը մէկ առ մէկ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին ներկայացուց Պատրիարքութեանս  Կալուածական բոլոր պայմանագիրներու մանրամասնութիւնները: Միաբան Հայրերն իրենց յուզող հարցումներն ուղղեցին Սրբազան Հօրը եւ գոհացուցիչ պատասխան-ներ ստանալէ ետք, արձանգրեցին որ տարիներ շարունակ այսպիսի մանրամաս-նեալ համարատուութիւն չէ ներկայացուած Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին, գը-նահատանքով ձեռամբարձաւ միաձայն ընդունեցին ներկայացուած Կալուածոց տես-չութեան համարատուութիւնը:    

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ 22 Մայիս, 2025-ի, երեկոյեան՝ 19:00-ին: 

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր Միաբան Հայրերուն եւ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Դիւանին, Համարա-տուութիւններ ներկայացուցած Գերաշնորհ եւ Հոգեշնորհ Հայրերուն, ապա շնորհա-ւորելով Տնօրէն Ժողովի նորընտիր անդամները՝ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի 14-րդ նիստը փակուեցաւ Նախագահ Պատ-րիարք Սրբազան Հօր աղօթքով:

 

ԴԻՒԱՆ Ս. ԱԹՈՌՈՅ