image

Էրտողանի` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցը յետաձգուած է. Reuters

Էրտողանի` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցը յետաձգուած է. Reuters

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յետաձգած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցը, որ նախատեսուած էր 9 մայիսին: Այդ մասին յայտնած է Reuters` յղում ընելով աղբիւրներուն: Ուաշինկթընի մէջ Էրտողան պէտք է հանդիպեր ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընին:

Գործակալութեան տուեալներով` Էրտողանի այցի նոր թուականը պիտի ընտրուի առաջիկային: Նոյն աղբիւրի հաղորդմամբ` այցը յետաձգուած է Թուրքիոյ նախագահի յայտագիրի փոփոխութիւններու պատճառով: Թէ այցի յետաձգման բուն պատճառը որն է` տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած: