Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտնած է, որ կը շարունակուին բանակցութիւնները՝ յստակեցնելու համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ Թուրքիա սպասուող այցի ժամկէտները։
Ինչպէս հաղորդած է թրքական Anadolu գործակալութիւնը, Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած է, որ այս պահուն դեռ յստակ չեն ՌԴ նախագահի՝ Թուրքիա ակնկալուող այցի ժամկէտները։
Ան նշած է, որ կողմերն այդ հարցով բանակցութիւնները կը շարունակեն։
«Ժամկէտները յայտնի չեն, սակայն արտաքին գործոց նախարարը, հետախուզական կազմակերպութեան ղեկավարը բանակցութիւններ կը վարեն»,-ըսած է Էրտողան։
Ան յոյս յայտնած է, որ իր ռուս գործընկերը Թուրքիա կ'այցելէ օգոստոսին։