Ամերիկեան Bloomberg-ը վերլուծական յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ քննուած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի իշխանութեան ֆինանսատնտեսական քաղաքականութիւնը։ Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը կը պատրաստոի դարձեալ իջեցնել դրամատուներուն տրուող տոկոսադրոյքները։
Այս մասին կը տեղեկանանք «Էրմէնիհապէր» կայքէն:
Վերլուծականին մէջ ընդգծուած է, որ Էրտողանը վտանգաւոր խաղ կը խաղայ եւ «կը լողայ ալիքներու դէմ» այն պարագային, երբ ամբողջ աշխարհի մէջ կը պայքարին գնաճի դէմ ու կ'երթան տոկոսադրոյքներու բարձրացման ճանապարհով։ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատան մէջ կատարուող վերադասաւորումներու ծիրին մէջ նշուած է, որ Կեդրոնական դրամատան նախագահ Շահապ Քավճըօղլուի պաշտօնը եւս վտանգուած է, քանի որ անոր գործողութիւնները չեն գոհացներ Էրտողանը։
Նշենք, որ Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը գնաճի պայմաններու մէջ որոշած էր իջեցնել դրամատուներուն տրուող տոկոսադրոյքները։ Որոշման դէմ արտայայտուած Կեդրոնական դրամատան ղեկավար անձերէն երեքը հեռացուած էին աշխատանքէն, որմէ յետոյ թրքական լիրայի արժեզրկումը տոլարի նկատմամբ շարունակուած էր։ Անցնող շաբաթ մէկ տոլարը հաւասարած էր 9.24 լիրայի, ինչ որ նոր հակամրցանիշ էր թրքական դրամական միաւորին համար։ Ըստ տնտեսագէտներու՝ հնարաւոր է, որ Կեդրոնական դրամատունը կը պատրաստուի տարեվերջին տոկոսադրոյքները աւելի կտրուկ նուազեցնել: