Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան վստահութիւն յայտնած է, որ մայիս 28-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին պիտի յաղթէ։
«Մենք մայիսի 28-ին պիտի հաւաքենք ձայներու աւելի բարձր տոկոս քան մայիս 14-ին՝ ակնկալելով յաղթանակ: Յոյսով եմ՝ այն պատմական կ'ըլլայ»,- իր պաշտօնական թուիթըրեան էջին գրած է Թուրքիոյ նախագահը։
Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլ անցած են առաւելագոյն ձայներ ստացած երկու թեկնածուները՝ գործող նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը, որ ստացած է ձայներու 49,62%-ը, եւ ընդդիմութեան միասնական թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուն, որ ստացած է 44,89%-ը: