image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան վրդոված է Պայտընէն. «Խօսքերը նշանակութիւն չունին»

Էրտողան վրդոված է Պայտընէն. «Խօսքերը  նշանակութիւն չունին»

Պայտընի յայտարարութիւնները Թուրքիոյ համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունին: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը` անդրադառնալով ԱՄՆ նախագահի` Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ուղերձին:

Էրտողանը ԱՄՆ նախագահին խորհուրդ տուած է «լաւ ուսումնասիրել պատմութիւնը»:

«Հայկական պնդումները, որոնք, իբր, կը ճանչնան տարբեր երկիրներու վարչակազմերը, մեզի համար նշանակութիւն չունին: Մենք այսպէս կը վերաբերինք ԱՄՆ նախագահ Պայտընի յայտարարութիւններուն: Պայտընը պէտք է շատ լաւ ուսումնասիրէ եւ իմանայ հայերուն պատմութիւնը», ըսած է ան՝ Անգարայի մէջ կառավարութեան նիստէն յետոյ ունեցած ելոյթի ժամանակ: