44-օրեայ պատերազմի զեկոյցը շատ մեծ քաղաքական նշանակութիւն ունի։ Այս մասին յայտարարած է Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ։
«Զեկոյցում կան կտորներ, որոնք հնարաւոր է բաց տեքստով ներկայացնել հանրութեանը»,-ըսած է Քոչարեանը։
Անդրանիկ Քոչարեանը կը շարունակէ պնդել, որ, եթէ զեկոյցը գոյութիւն ունի, ապա անոր յաջորդ կանգառը պէտք է ըլլայ լիագումար նիստը։
«Փաստերի վրայ հիմնուած իւրաքանչիւր զեկոյց չի կարող իր ճանապարհը չհարթի»,-ըսած է Քոչարեանը։
Ան չընդունիր, որ զեկոյցը ժամկէտանց է։ Մինչդեռ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը յայտարարած էր, որ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի զեկոյցը ներկայացնելու ժամկէտներու խնդրի պատճառով այն Ազգային ժողովի լիագումար նիստերու օրակարգ ներառելու իրաւական հիմք չկայ։
Ըստ Անդրանիկ Քոչարեանի՝ զեկոյցը չի կրնար ժամկէտներու խախտմամբ ըլլալ, երբ նպատակը զեկոյց ունենալն է։
Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը «շահագրգիռ կողմերի հետ քննարկումների արդիւնքում որոշում է կայացրել զեկոյցն ուղարկել Ազգային Ժողով արխիվ»։ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովի նախագահի խօսքով՝ 215 էջանոց զեկոյցը, որ հիմնուած է տասնեակ հազարաւոր փաստաթուղթերու, տեսաձայնային նիւթերու վրայ, կը պարունակէ տեղեկութիւններ «դաւաճաններու, մեղաւորներու» մասին, եւ ատոր քննարկումը պէտք է ըլլայ փակ՝ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան օրակարգի վրայ շահարկումներէ խուսափելու նպատակով, սակայն պարտադիր կերպով՝ լիագումար նիստի շրջածիրէն ներս։