Էրտողան Թուրքիան բռնապետութեան կը վերածէ ՀԱՄԱՍ-ի մարդասպաններուն աջակցելու համար՝ հակառակ ամբողջ ազատ աշխարհի դիրքորոշման: Այս մասին X-ի իր միքրոպլոկին գրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Կաց:
«Ան կ'արգելափակէ Թուրքիոյ մէջ 57 միլիոն օգտատէր ունեցող Instagram-ը, կը դադրեցնէ մարզական հեռարձակումները, քանի որ իսրայէլացի մարզիկը յաղթած է թուրք մարզիկին, կը սպառնայ ներխուժել ժողովրդավարական երկիր, որու հետ Թուրքիան ռազմական հակամարտութիւն չունի, եւ կը կրճատէ առեւտրային յարաբերութիւնները՝ տարեկան 6 միլիառ տոլարի վնաս հասցնելով թուրք արտահանողներուն:
Էրտողան կը վերցնէ գիտական, մշակութային, ճարտարագիտական եւ տնտեսական ներուժ ունեցող թրքական պետութիւնը եւ կ'ոչնչացնէ այն՝ խարխլելով առաջադէմ եւ բարգաւաճ Թուրքիա կառուցած Աթաթուրքի ժառանգութիւնը»,- նշած է Կաց: