Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողան դժգոհած է Bayraktar անօդաչուներու հասցէին հնչող քննադատութիւններէն՝ այդ արարքին մէջ մեղադրելով «հակաթրքական շրջանակները», որոնք կ'ուզեն «նսեմացնել երկրի ձեռքբերումներու նշանակութիւնը»։
Թուրքիոյ նախագահի ըսած է, որ հակառակ անօդաչու սարքեր արտադրողը սեւցնելու արշաւին՝ Baykar ընկերութիւնը այսօր այնպիսի քանակութեամբ պատուէրներ կը ստանայ, որ ընկերութեան արտադրական հզօրութիւնները ամբողջութեամբ բեռնուած են։ «Անոնք, որոնք դեռ երէկ կը հրաժարէին Թուրքիոյ անօդաչուներու մատակարարումէն, այսօր կը դիմեն Անգարային ԱԹՍ գնելու համար»,-նշած է ան, կը հաղորդէ Anadolu-ն։
«Baykar-ի քննադատութեան պատճառը այդ ընկերութեան ներդրումն է Թուրքիոյ ձեռքբերումներուն մէջ»,-նշած է ան։
Անոր խօսքով՝ այսօր Թուրքիոյ մէջ արդէն կը գործեն անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ութ ընկերութիւններ։ «Մեր երկիրը այսօր կը քննադատեն անոնք, որոնք փորձած են ստիպել Թուրքիոյ ներքաշուիլ Սուրիոյ պատերազմի մէջ, անյարմար դրութեան մէջ դրած են Ղարաբաղի մէջ եւ անելանելի դրութեան մէջ՝ Եգէական ծովուն մէջ»,-ըսած է Էրտողան:
«Վերջին տասնամեակներու ընթացքին Թուրքիոյ պաշտպանական ընկերութիւններու թիւը 56-էն հասած է աւելի քան 2700-ի, իսկ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ոլորտի մէջ նախագիծերու պիւտճէն 5,5 միլիառ տոլարէն հասած է 75 միլիառ տոլարի։ Թուրքիոյ պաշտպանական արտադրանքի արտահանումը մօտեցած է 4,5 միլիառ տոլարի սահմանագծին, իսկ ներմուծման փոխարինման մակարդակը 20 տոկոսէն նուազած է մինչեւ 80 տոկոս»,-նշած է ան։