Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան ըսած է, որ «եթէ Հայաստանը վճռական մնայ երկու երկիրներու յատուկ բանագնացներու նախաձեռնած գործընթացը յառաջ մղելու հարցով, ապա Թուրքիոյ կողմէ փակ սահմանները պահպանելու անհրաժեշտութիւն չ'ըլլար»:
Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ Սենեկալի մէջ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթըր Շթայնմայըրի հետ հանդիպման շօշափուած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը:
«Ես արդէն ըսած եմ, որ Անգարան պատրաստ է փոխադարձ քայլերու ձեռնարկելու ի պատասխան Հայաստանի ցանկացած դրական նախաձեռնութեան: Այս տարածաշրջանը խաղաղութեան եւ կայունութեան կարիքն ունի, եւ այդ պատճառով թրքական իշխանութիւնները անկեղծ քայլերու ձեռնարկած են` սկսելու կարգաւորման գործընթացը: Այս գործընթացը օգտակար կը համարէ նաեւ իմ եղբայր Իլհամը», ըսած է Էրտողանը:
Խօսելով Վիեննայի մէջ կայանալիք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ բանագնացներու հանդիպման մասին` Թուրքիոյ նախագահը ըսած է.
«Մենք տեղեկացուած ենք Հայաստանի շարք մը ակնկալիքներուն մասին` կապուած սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման հետ: Եթէ Հայաստանը վճռական մնայ յատուկ բանագնացներու նախաձեռնած գործընթացը յառաջ մղելու հարցով, ապա Թուրքիոյ կողմէ փակ սահմանները պահպանելու անհրաժեշտութիւն չ'ըլլար: Փետրուարի սկիզբը վերսկսան Սթամպուլ-երեւան թռիչքները: Մենք կ'ակնկալենք Երեւանէն դրական մօտեցման պահպանում»:
Էրտողան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու հարցը սերտօրէն կապուած է Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հետ: «Բոլոր կողմերը պէտք է օգտագործեն տարածաշրջանային համագործակցութեան պատմական հնարաւորութիւնը: Թուրքիան կը շարունակէ սերտօրէն աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ այդ հարցերուն շուրջ», յաւելած է Թուրքիոյ նախագահը: