image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան կը պահանջէ Շուէտի պաշտպանութեան նախարարին հրաժարականը

Էրտողան կը պահանջէ Շուէտի  պաշտպանութեան  նախարարին  հրաժարականը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան պահանջած է, որ Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնը պաշտօնանկ ընի երկրի պաշտպանութեան նախարար Փիթըր Հուլթքուիսթը:

Էրտողանի պահանջը կը բխի անկէ, որ մօտ 10 տարի առաջ Հուլթքուիստթ իբր «փառաբանած է» Թուրքիոյ ահաբեկչական համարուող Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան եւ անոր բանտարկուած առաջնորդ Ապտալլա Օճալանը:

Թուրքիան կը փափաքի, որ Հուլթքուիսթը հեռացուի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն. այս հարցը բարձրացուած է սքանտինաւեան երկրին` ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու շուրջ Շուէտի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ բանակցութիւններու ընթացքին:

Աւելի վաղ Էրտողան յայտարարած էր, որ Շուէտը եւ Ֆինլանտան պիտի չանդամակցին ՆԱԹՕ-ին, քանի դեռ չեն կատարուած Անգարայի պահանջները` դադրեցնել աջակցիլ ահաբեկչութեան, առաջին հերթին` Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան: